Դասախոսություն ՀԲԸՄ «Դեմիրճյան» Կենտրոնում

Lecture in Հինգշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի «Ասպետներու սրահ»-ին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Գինոսեան, որ Պէյրութ կը գտնուի ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբին յատուկ հրաւէրով, տեսերիզներու ցուցադրութեամբ դասախօսեց «Հայ ազգային պարարուեստի ծագումն ու ձեւաւորումը» նիւթով:

Բացման խօսքը արտասանեց կազմակերպիչ վարչութեան` Անդրանիկ մշակութային մարմինի ատենապետ դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեան: Ան սկսաւ հարցադրումով մը, թէ Գագիկ Գինոսեան մարդուն մէջ ինչպէ՞ս համատեղուած են ֆիզիկոս գիտնականը, ազատամարտիկ ռազմագէտը եւ բանահաւաք արուեստագէտը: Վերլուծելով Գինոսեանի անցած ուղին` ծննդավայր Ախալցխայէն մինչեւ Երեւան եւ Արցախ, Իւրնեշլեան յանգեցաւ այն եզրակացութեան, որ նախնեաց արմատներուն կառչածութիւնն ու անոնց հանդէպ հաւատարմութեան ուխտը, գիտնականի յատուկ բծախնդիր ու վերլուծական աշխատելաձեւը, մահապարտ ազատամարտիկի գերագոյն հայրենասիրութիւնն ու ազգագրական արուեստի երախտաւոր Հայրիկ Մուրատեանի մեծ ազդեցութիւնը ձեւաւորած են Գագիկ Գինոսեան արուեստագէտը:
Գինոսեան իր դասախօսութիւնը բաժնած էր հինգ մասի:

Ան նախ մեծապէս կարեւոր նկատեց ազգային պարը իբրեւ մշակութային դաստիարակութեան հիմնասիւն` նկատի առնելով յատկապէս այն հանգամանքը, որ պարը` Կոմիտասի բառերով «արտայայտում է իւրաքանչիւր ազգի բնորոշ գիծերը»: Մեկնելով վերոյիշեալ համոզումէն` Գինոսեան կարեւոր նկատեց ազգային պարի գրառումը եւ զայն բիւրեղացնելով ժողովուրդին վերադարձնելը ոչ միայն իբրեւ բեմական մշակոյթ, այլեւ իբրեւ կենցաղի անտրոհելի մաս:

Երկրորդ մասին մէջ Գինոսեան անդրադարձաւ ազգային պարի առանձնայատկութիւններուն: Ան նշեց, որ հայկական պարը աւելին է, քան ձեռքի ու ոտքի շարժում. այնտեղ առկայ են Հայաստան աշխարհի մէն մի շրջանին յատուկ բնակլիմայական եւ կենցաղային յատկանիշերը, հնագոյն հաւատալիքներու արձագանգը (բնութեան վերազարթնում, չարխափան ուժ, արեւապաշտութիւն եւ այլն), ազգի հոգեբանութիւնը (աշխատանքի սէր, համայնքային կեանքի կարեւորում) եւ այլն: Մէկ խօսքով` ազգային պարին մէջ չկայ որեւէ պատահական ձեւ, քայլ. իւրաքանչիւր շարժում ունի իր բացատրութիւնը եւ կը խորհրդանշէ դարաւոր երեւոյթ մը:

Երրորդ մասով դասախօսը անդրադարձաւ պարի ծիսական ծագումին եւ նշանակութեան: Երգ-պար-միջավայր միաձուլումը արդէն կը խօսի պարի թատերայնացման մասին, ինչպէս Տէրընդէսի (Տեառնընդառաջի) պարը, որոշ սգոյ պարեր եւ այլն: Ան նշեց, որ կան պարեր, որոնք յատուկ են միմիայն մէկ տօնի կամ երեւոյթի, եւ խստօրէն կը պահպանուի անոնց կատարման կարգը (պարողներ, վայր, առիթ եւ այլն), ինչպէս` Աստուածածնայ պարը:

Գինոսեանի դասախօսութեան չորրորդ մասը նուիրուած էր պարի գրառման գիտական համակարգին: Ան նշեց, որ այս աշխատանքին կարեւորութեան առաջին անգամ անդրադարձած է Կոմիտաս վարդապետ: Այս մարզին մէջ համաշխարհային անուն է Սրբուհի Լիսիցեան, որուն պատրաստած պարի գրառման համակարգը (գլխու, թեւերու, ծունկի, ոտքերու շարժման, քայլի եւ թռիչքի ձեւի եւ պարի այլ բաղադրիչներու գրառում) ունի լայն գործածութիւն:

Հինգերորդ բաժինով Գինոսեան ներկայացուց հայ ազգային պարի ամէնէն յատկանշական եւ իւրայատուկ տարատեսակները: Անդրադառնալով այն փաստին, թէ շատ ազգերու պարերը բաղկացած կ՛ըլլան 3-4 տարատեսակով, հայ ազգային պարը ունի 20 տարատեսակ, որոնցմէ իւրայատուկ են աշխատանքային, մեհենական պարերը, ռազմապարը, սգոյ պարը, անէծքի պարը եւ այլն: Գինոսեան երկարօրէն ներկայացուց ռազմապարի տեսակները` կարեւոր նկատելով անոնց դերը հայ պատանիին ազգային հոգեկերտուածքին մէջ:

Նշենք, որ դասախօսութիւնը հարստացած էր բազմաթիւ տեսագրութիւններով, որոնք կենդանութիւն կը հաղորդէին խօսքին:

Աղբիւր՝ http://www.aztagdaily.com/archives/100571