Գագիկ Գինոսեանի Այցելութիւնը «Ազդակ»

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ եւ «Կարին» ազգագրական պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեան: Հիւրին կ՛ընկերակցէին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան գործադիր տնօրէն Գէորգ Սանթուրեան եւ «Արին» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Գայեանէ Մածունեան: Գագիկ Գինոսեանի հետ տեղի ունեցաւ շատ հետաքրքրական եւ շահեկան զրոյց` մշակութաբանական խնդիրներու եւ յատկապէս հայկական պարարուեստի մասին: